2014-04-07 11:01:12

Սուրբ Աթոռի յայտարարութիւն հայող` Վատիկանի դրամատան։


Երկուշաբթի, 7 ապրիլին հրատարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը հաստատէ թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի որոշումով, ''IOR – Վատիկանի դրամատունը'', պիտի շարունակէ իր առաքելական գործունէութիւնը կատարել ի սպաս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան։
''IOR''ը, կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ, պիտի շարունակէ ծառայել եւ ուշադրութեամբ մատուցել իր ֆինանսական սպասարկութիւնները համայն աշխարհի մէջ գտնուող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։ Հաստատութեան մատուցած էական ծառայութիւնները կ՛աջակցին Սրբազան Քահանայապետին, Անոր Տիեզերական Հովիւի առաքելութեան մէջ, ու կ՛աջակցին նաեւ Անոր համագործակից անհատներուն եւ հաստատութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.